Անտեսելով կրակի դադարեցումը՝ Ատրպէյճանը 12:05-ին գրոհ ձեռնարկած է «Կարախամբէյլի»ի ուղղութեամբ

Անտեսելով 10 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն մարդասիրական նպատակներով յայտարարուած կրակի դադարեցումը, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 12:05-ին գրոհ ձեռնարկած են «Կարախամբէյլի» կոչուող տեղամասի ուղղութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը:
«Արցախի ՊԲ ստորաբաժանումները կը դիմեն համապատասխան միջոցներու՝ կասեցնելու հակառակորդի գրոհը»,-յայտնած է Ստեփանեանը։