Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի․ Արայիկ Յարութիւնեան

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․
«Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արդէն երկրորդ օրն է կը շարունակենք աշխոյժ կերպով գտնուիլ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան սանձազերծած պատերազմական լայնամաշտապ գործողութիւններու մէջ: Գիշերուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակն իրականացուցած է քանի մը փայլուն ռազմագործողութիւններ՝ պաշտպանական բնագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ վերականգնելով կորսնցուցած դիրքերը կամ ունեցած է որոշակի յառաջխաղացում:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր զօրքին, հրամանատարութեան՝ ցուցաբերուող մարտական բարձր ոգիի եւ պատրաստականութեան համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր ժողովուրդին՝ այս ընթացքին ցուցաբերած ողջախոհութեան, ամէն ինչ յանուն Հայրենիքի ու ճակատի՝ նուիրուածութեան համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ ՀՀ մեր հայրենակիցներուն ու իշխանութիւններուն՝ ցուցաբերած անվերապահ սատարման համար:
Հպարտ եւ շնորհակալ եմ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն աջակցող հազարաւոր զանգերու ու խօսքերու համար:
Խոնարհումս ու ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ այս ընթացքին հերոսի կեանքով ինկած մեր բոլոր տղաներուն հարազատներուն: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ:
Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
Անգամ մը եւս կը դիմեմ բոլորիդ՝ յաղթանակի անվերապահ հաւատով ու զգացումով: Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի:
Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ»: