Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետին շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը

2020-09-21
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մեծարգոյ վարչապետ,

Մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ Ձեզ 21 Սեպտեմբերի՝ Ձեր երկրի Անկախութեան տօնի առթիւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ձեռքբերման յաջորդած 29 տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները եղած է հայ ժողովուրդի կողքին ու աջակցած է ժամանակակից ժողովրդավարութեան կառուցման եւ տնտեսական զարգացմանն ուղղուած Ձեր ջանքերուն: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը մեր ընդհանուր շահերու, այդ շարքին՝ երկկողմ առեւտուրի ու ներդրումներու ընդլայնման, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ Ձեր երկրի ինքնիշխանութեան սատարելու տիրոյթներուն մէջ:

Այսօրուան մարտահրաւէրները անգամ մը եւս կը վերահաստատեն մեր գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու միջեւ կապերը անհերքելիօրէն ամուր են ու տեւական՝ ըլլայ այդ միասնաբար նոր «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային համավարակին դիմակայելու, թէ Աֆղանստանի կամ Քոսովոյի միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն կողք կողքի ծառայելու:

Այս առանձնայատուկ օրուան առթիւ Ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք մեր բարեկամութեան ամրապնդման՝ առաջիկայ տարուան ընթացքին»,- ըսուած է ԱՄՆ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։