Ամէնքս դէպի մեր խրամատը. Արծրուն Յովհաննիսեանը սփիւռքահայերուն ուղղուած կոչով հանդէս եկած է

2020-10-08
Image

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը դիմատետրի իր էջին կարեւոր կոչով տեսանիւթ տեղադրած է սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար։

«Մենք կը դիմակայենք ողջ աշխարհին սպառնացող չարը եւ ահաբեկչութիւնը։ Մենք չունինք նաւթի պաշարներ, մենք ունինք հայրենիքի համար կեանքը չխնայող ու սխրանքներ գործող երիտասարդներ։ Մենք չունինք ծով, բայց ունինք մեր թիկունքը ամուր պահող հերոսական ժողովուրդ. եւ, ի վերջոյ, մենք, ի տարբերութիւն թշնամիին, չունինք 10 միլիոն բնակչութիւն մեր երկրին մէջ, բայց ունինք 10 միլիոն բնակչութիւն ամբողջ աշխարհին մէջ. մենք ունինք սփիւռք։ Իմ այս կոչը ուղղուած չէ պարզապէս 10 միլիոն հայու, այլ՝ 10 միլիոն պայքար մղողի, 10 միլիոն ոչինչ խնայողի ու 10 միլիոն յաղթողի։ Կ'ուզեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն մեր չափ պայքարող զգայ, կ'ուզեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը մտնէ իր խրամատն ու մղէ իր պայքարը։ Ես ամէն օր հարիւրաւոր-հազարաւոր նամակներ կը ստանամ արտերկրի մեր հայրենակիցներէն. կը հարցնեն, թէ ինչպէս կրնան օգնել՝ ինչ ուղարկել։ Այդ օգնութիւնները նպատակային ու կառավարելի դարձնելու միայն մէկ տարբերակ կայ. նուիրատաւութիւնները պէտք է ընել Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամին՝ himnadram.org եւ ԱՄՆ-ի տարածքէն՝ fond.org կայքի միջոցով։

Անձամբ կ'երաշխաւորում, որ հիմնադրամին ուղղուած որեւէ նուիրատւութիւն իր նպատակին կը ծառայէ բազմապատիկ անգամ աւելի արդիւնաւէտ։ Այս պատերազմին մէջ յաղթանակի գրաւականներէն մէկը ամուր թիկունքն է. եւ ես վստահ եմ, որ դուք այն ամէն վայրկեան, ամէն վայրկեան աւելի պիտի ամրացնէք։ Մենք միասին պիտի յաղթենք այս պատերազմը։ Տէ ինչ. ամէնքս դէպի մեր խրամատը. ի գործ»,-տեսանիւթին մէջ ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեանը։