ԱՀ պաշտպանութեան բանակը յաջողած է կասեցնել այսօր հակառակորդի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը. ՊՆ խօսնակ

ԱՀ պաշտպանութեան բանակը յաջողած է կասեցնել այսօր հակառակորդի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։ Ուղղութիւններէն մէկով մեր ուժերը հակայարձակման անցած են: Մնացած թեւերուն վրայ պաշտպանական ծանր մարտեր կ'ընթանան։