ԱԺ նիստը մեկնարկեց սահմանին զոհուած ՀՀ ԶՈՒ 4 զինծառայողու յիշատակին նուիրուած մէկ վայրկեան լռութեամբ

ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը մեկնարկեց նախօրէին հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած ՀՀ Զինուած ուժերու չորս զինծառայողներու յիշատակին նուիրուած մէկ վայրկեան լռութեամբ:
Պատգամաւորները՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանի, հրամանատար Սոս Էլբակեանի, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանի եւ Գրիշա Մաթեւոսեանի յիշատակին:
«Ատրպէյճանի սանձազերծած սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով իրենց հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին զոհուած են ՀՀ ԶՈՒ չորս զինծառայողներ: Կ'ուզեմ առաջարկել մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել անոնց յիշատակը: Յաւերժ փառք հերոսներուն»,- ըսած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը: