Ազգային Ժողովի տարածքին մէջ նոր մասնաշէնք պիտի կառուցուի

Յայտարարուած է նախագծման մրցոյթ ՀՀ Ազգային ժողովի տարածքին նոր մասնաշէնքի կառուցման նպատակով: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար Տիգրան Գալստեանը:
«Յայտարարուած է նախագծման մրցոյթ ՀՀ Ազգային ժողովի տարածքին նոր մասնաշէնքի կառուցման նպատակով։
Առանձնայատկութիւնները
1. Յանձնաժողովը կազմուած է 10 հոգիէ, որոնք կը ներկայացնեն ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէն, Ազգային ժողովը, Երեւանի քաղաքապետարանը, Ճարտարապետներու պալատը եւ մեծամասնութեամբ այն մասնագիտական է,
2. Գնահատման հիմնական չափանիշը ոչ թէ գնային առաջարկն է, այլ մասնագիտական անձնակազմը եւ մրցոյթի յայտով ներկայացուող էսքիզ նախագիծը,
3. Անկախ մրցոյթի արդիւնքներէն սահմանուած է մրցանակային ֆոնտ՝ լաւագոյն երեք էսքիզ նախագիծերուն համար, համապատասխանաբար 1մլն, 500 հազ. եւ300 հազ. ՀՀ դրամ չափով
Կ'ակնկալենք աննախադէպ մասնակցութիւն եւ արձագանգներ առաջարկուող ձեւաչափի համար»։