«Քորոնա»ի Տագնապ. Արցախի մէջ նոր վարակուածներ չկան

Արցախի Հանրապետութեան մէջ 17 օգոստոսի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուածութեան նոր դէպք չէ հաստատուած: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը:
Առայսօր, նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը հաստատուած է 254 մարդու մօտ, որոնցմէ 248-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանան 5, ընդհանուր առմամբ մեկուսացուած կը մնան 9 քաղաքացի:
Բժիշկները 2 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, 3-ինը՝ միջին ծանրութեան:
Քննութիւններու նպատակով 137 նմուշառում իրականացուած է: Մինչ այսօր կատարուած է 8 046 փորձանմուշի հետազօտութիւն:
Հանրապեութեան մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահուան դէպք չէ արձանագրուած: Մահուան մէկ պարագային քաղաքացիին մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն, սակայն մահը վրայ հասած է այլ պատճառով: