«Սմերչ»ը, «Լոռա»ն, «Տրոն»ը եւ նորագոյն բոլոր զինատեսակները չափազանց կարեւոր են, բայց առաջին գործօնը կամքն է. Յովհաննիսեան

2020-10-16
Image

«Սմերչ»ը, «Լոռա»ն, «Տրոն»ը եւ նորագոյն բոլոր զինատեսակները չափազանց կարեւոր են: Ես անոնց մասին տարիներ շարունակ գրած եմ, հիմնաւորած հինգերորդ սերունդի պատերազմի կարեւորութիւնը եւ այլն:

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ աւելցնելով, որ այս ամէնէն զատ, միեւնոյնն է, ամենաառաջին գործօնը կամքն է, կամքի գործօնը. եթէ չես ուզեր պարտուիլ, չես պարտուիր: