«Հիմա կարեւորը ինքնամեկուսացումն է» Նախարար Արսէն Թորոսեան

2020-05-22
Image

«Մեկուսացումէն ինքնամեկուսացում անցումը ուժերու գերլարում պիտի պահանջէ, քանի որ երբ մենք մարդոց, ուժեր ու հսկայական գումարներ ծախսելով, կը պահէինք հիւրանոցները, այդ էական հակահամաճարակային միջոցառում էր, որովհետեւ միայն հիւրանոցներէն մենք ունեցած ենք 1000 դէպք, այսինքն` 1000 դէպք կրնայինք դուրս թձգել, եւ անոնք կրնային հնարաւոր վարակակիր ըլլալ այլ քաղաքացիներու համար: Մենք մեկուսացումով այդ կրցած ենք զսպել: Այժմ այդ չենք կրնար ընել եւ ինքնամեկուսացումը պէտք է ըլլայ մեր հիմնական գործիքը»,- Հանրային խորհուրդի անդամներու հետ այսօրուան հեռավար քննարկման ժամանակ ըսած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

Նախարարի խօսքերով՝ յայտնի չէ, թէ երբ այս ամէնը պիտի աւարտի, եւ մենք պէտք է պատրաստուինք պայքարելու անոր դէմ, քանի դեռ չկայ  պատուաստանիւթ կամ դեղամիջոց, որ կը պայքարի հիւանդութեան դէմ:

«Քանի մը ամիսէն լաւ պիտի չըլլայ: Կրնայ ըլլալ յարաբերականօրէն լաւ կամ վատ»,- ըսած է նախարարը: