«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը լքեց Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճը

ԱԺ-ի մէջ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի ժամանակ ծեծկռտուք սկսած էր: Բախումը ծաւալած էր պատգամաւորներ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ, որուն ներքաշուած էին այլ պատգամաւորներ եւս, կռիւին վերջ տալու միտումով:
Միջադէպի պատճառով ԱԺ նիստը ընդհատուած էր շուրջ 3 ժամ:
«Միջադէպէն անցած է մօտ 3 ժամ եւ այս ընթացքին մենք չտեսանք արձագանգ, որ հարիր է ժողովրդավարական քաղաքական համակարգին»,- յայտարարեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը:
«Ես կը կարծեմ, որ ոտնահարուած են ժողովրդավարութեան հիմքերը, յեղափոխութեան հռչակած արժէքները, եւ ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի պատմութեանմէջ աննախադէպ բան տեղի ունեցած է: ..Ինչ եղած է, քաղաքական է եւ պէտք է ունենայ քաղաքական գնահատական: ..եւ մենք կ'ակնկալենք թէ իշխող խմբակցութենէն, թէ ՀՀ քաղաքական ուժերէն այն գնահատականները, որոնք հարիր են ժողովրդավարական համակարգին:
Յաջորդը՝ ուղղակի քաղաքական գնահատականը որեւէ բան չի կրնար փոխել. Միջադէպը պէտք է ունենայ քաղաքական հետեւանքներ: Այն, ինչ տեղի ունեցած է, մեծ հաշուով մեր խնդիրն ալ է, բայց աւելի շատ յեղափոխութեան առաջնորդի խնդիրն է: Մենք հիմա կը լքենք նիստերու դահլիճը եւ ապագային՝ կապուած քաղաքական գնահատականներէն եւ հետեւանքներէն կ'ընենք եզրայանգումներ, կ'որոշակիացնենք մեր ընելիքները եւ կը հասկնանք, թէ ապագային ինչպէս պիտի աշխատինք այս խորհրդարանէն ներս»,-ըսած է Մարուքեանը:
Անկէ ետք «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորները լքեցին նիստերու դահլիճը: