«Արցախի հերոս»-ի կոչում՝ «Եղնիկներ»-ու առասպելական հրամանատար Կարէն Ջալաւեանին

Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կէտին մէջ, երէկ կէս գիշերին, «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացաւ մեր առասպելական հրամանատարներէն Կարէն Ջալաւեանը: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
«Այս մասին ըսած եմ յատուկ արարողակարգով՝ ռատիոկապով ուղերձ յղելով ճակատի տարբեր հատուածներու վրայ գտնուող մեր զինուորականներուն:
Այդ որոշումը կայացուցած եմ՝ հաշուի առնելով անձամբ իր եւ իր գլխաւորած ստորաբաժանումներուն ցուցաբերած սխրանքները եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին ներդրած կարեւոր աւանդը:
Կեցցէ՛ հայոց բանակը: Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը, որ հերոս զաւակներ կը ծնի»: