«Ատրպէյճանի զօրքերը անցած են ՀՀ տարածք». Ատամ Շիֆը Սիւնիքի հարցով դիմած է Պայտընի վարչակազմին

2021-05-13
Image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի Հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը Սիւնիքի մարզ ատրպէյճանական ուժերու ներխուժման կապակցութեամբ դիմած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին։

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ վերջին հաղորդագրութիւններով, որ ատրպէյճանական զօրքերը, ինչպէս հաղորդուեցաւ, անցած են Հայաստանի տարածք: Եթէ ճիշդ է, սա եւս մէկ վտանգաւոր եւ սադրիչ գործողութիւն է, որ կրնայ յանգեցնել հետագայ կեանքի կորուստի: Ժամանակն է Միացեալ Նահանգներու համար գիտակցելու, որ մեր քաղաքականութիւնը քաջալերած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երթալ ռազմական սրման՝ վտանգելով նոր պատերազմով», - գրած է ԱՄՆ քոնկրէսականը դիմատետրեան իր էջին։

Շիֆը նշած է, որ պէտք չէ ռազմական ֆինանսաւորում տրամադրել Ատրպէյճանին, որ «սովորաբար կը ներգրաւուի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն ու կ'ոտնահարէ իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը»։

«Ես հաղորդակցութեան մէջ եղած եմ Պայտընի վարչակազմի հետ եւ յորդորած անոնց աւելի խոր ներգրաւուիլ Մինսքի խումբի միջոցով, այժմ աւելի առարկայական, քան երբեւէ: Ըստ հաղորդագրութիւններու՝ Ատրպէյճանն այդ գործողութիւնները կը ձեռնարկէ օրեր ետք, երբ Պետական քարտուղարութիւնը չարդարացուած կերպով հրաժարեցաւ Ատրպէյճանին ուղղակի օգնութիւն տրամադրելու՝ [Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի] 907-րդ յօդուածով նախատեսուած սահմանափակումներէն։ Մենք պէտք չէ ռազմական ֆինանսաւորում տրամադրենք ազգի մը, որ սովորաբար կը ներգրաւուի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն ու կ'ոտնահարէ իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը», - գրած է ան: