Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ(Ճմեյզի) ընթունեց Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիել Մուրատեանը եւ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստը։

2023-11-23
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընկերներ, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ(Ճմեյզի) ընթունեցին Կաթողիկէ հայ համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիել Մուրատեանը ընկերակցութեամբՄեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստին:

Հանդիպումի ընթացքին, սրբազան հօր հետ արծարծուեցաւ լիբանանահայութիւնը հուզող հարցերը։ Սրբազանը խօսեցաւ կաթողիկէ համայնքէն ներս իր ծրագիրներուն մասին։ Ընկ. Տօքթ. Ա. Տաքէսեան իր կարգին խօսեցաւ կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ի մասնաւորի երկամեայ երկփեղկումէ ետք ստեղծուած համերաշխութեան մթնոլորտի ներքոյ։

Շեշտը դրուեցաւ գալիք սերունդի հոգեւոր եւ հոգեկան պատրաստութեան վրայ։

Մօտ մէկ ժամ տեւած այցելութեան աւարտին նպատակայարմար նկատուեցաւ յաճախակի փոխհանդիպումները։