Wizz Air-ը Ապրիլէն թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս. Գիները կը սկսին 25 եւրոյէն

Հունկարական Wizz Air օդանաւի ընկերութիւնը 2020-ի Ապրիլէն սկսեալ Երեւանէն աժան չուերթներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս:
«Թռիչքները շաբաթական երկու անգամ պիտի ըլլան: Գիները կը սկսին €24,99-էն: Առցանց ամրագրումներ արդէն կրնաք կատարել: Այս երկու ուղղութիւնները մօտաւորապէս 63 000 նստատեղ պիտի աւելացնեն օդակայանի թողունակութեան մէջ»,- այսօր Երեւանի մէջ ըսած է ընկերութեան համագործակցութեան ղեկավար Անտրաս Ռատօն:
Wizz Air-ը թռիչքները կ՛իրականացնէ Airbus A320, A321 օդանաւերով:
«Թռիչքները կ՛իրականացնենք կէտէ կէտ, համակցող չուերթներ չենք առաջարկեր»,- մանրամասնած է Ռատօ:
Wizz Air-ի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ տոմսերը կը վաճառեն միայն օնլայն տարբերակով.
«Առցանց ամրագրումներ կարելի է ընել կամ օգտուիլ մեր բջիջային յաւելուածներէն, իսկ վճարումը կատարել միայն այն ծառայութիւններու դիմաց, որոնցմէ կը ցանկաք օգտուիլ: Եթէ ուղեբեռի կամ սնունդի կարիք չունիք, ապա անոնց դիմաց չէք վճարեր», ըսած է ան: