Վերսալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ պիտի կայանայ

2020-02-12
Image

Ապրիլ 24-ին Վերսալի պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ պիտի կայանայ:

Պալատի պաշտօնական կայքին մէջ ըսուած է, որ Վերսալի Թագաւորական մատուռին մէջ պիտի հնչէ հայ ազգի եւ անոր բազմադարեայ պատմութեան ձայնը:

Շուշան Սիրանոսեանը, Աստղիկ Սիրանոսեանը, Վարդան Մամիկոնեանը եւ Մելոտի Լուլեճեանը պիտի կատարեն Առնօ Պապաճանեանի եռեակը եւ Կոմիտասի ու Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները: