Սպիտակի եւ Վետիի հիւանդանոցները պիտի ծառայեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու բուժման համար

2020-06-08
Image

Սպիտակի բժշկական կեդրոնը 8 յունիսէն պիտի վերադիմափոխուի եւ ծառայէ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու բուժման համար: «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է Լուռիի մարզպետ Անտրէ Ղուկասեանը։

«Այս որոշումը կայացուած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ քննարկումներու հետեւանքով: Սա հնարաւորութիւն կու տայ միաժամանակ բժշկական ծառայութիւն մատուցել աւելի մեծ թիւով հիւանդներու: Տեղերը, սակայն, անսահմանափակ չեն»,- նշած է մարզպետը, որուն գրառումը իր էջին տեղադրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

Ան տեղեկացուցած է, որ COVID-19-ի բուժման համար վերադիմափոխուած է նաեւ Արարատի մարզի Վետիի բժշկական կեդրոնը։ «Կը քննարկուին նաեւ Մարտունիի հիւանդանոցին մէջ քովիտ-բաժանմունք եւ Տաւուշի մարզի մէջ քովիտ-կեդրոն ունենալու հարցերը»,- աւելցուցած է Արսէն Թորոսեանը։