Ռուսաստանցի 50 բժիշկ պիտի աջակցի Հայաստանին

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 21 Յունիսին յատուկ չուերթով Հայաստան ժամանած է ռուսաստանցի բժիշկներու առաջին խումբը` աջակցելու «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին շրջածիրէն ներս:
Առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեան արձագանգած է ռուսաստանցի շուրջ 50 բժիշկ: Ըստ սահմանուած յաջորդականութեան` անոնք առանձին մասնագիտական խումբերով պիտի ժամանեն Հայաստան:
Յաջորդ խումբի այցելութիւնը կը նախատեսուի Յուլիսի սկիզբը:«Չուերթով Հայաստան տեղափոխուած են նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան նուիրաբերուած բժշկական սարքեր եւ անձնական պաշտպանիչ պարագաներ։
«Նուիրատուութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Վիվա» բարեգործական հիմնադրամին եւ կառոյցի հոգաբարձուներու անդամ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգի Մելքոնեանին»,- ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: