Պոլսոյ քաղաքապետը Տինքի սպանութեան օրը ցաւակցական գրառում կատարած է

2020-01-22
Image

Առաջին անգամ Պոլսոյ քաղաքապետը  Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցի օրը ցաւակցական գրառում կատարած է։

Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն Twıtter–ի իր էջին գրած է. «Հրանդ Տինքը սրտով եւ խօսքով խաղաղութեամբ լի լրագրող էր։ Մեր երկրի ու պատմութեան համար շատ ցաւալի ձեւով հեռացաւ։ Երբ Հրանդի անունը կը լսենք, այդ ցաւը կրկին կը զգանք։ Կը յարգեմ իր յիշատակը, թող հոգին լուսաւորուի»:

Նշենք, որ 2006 թուականի 19 յունուարին, Հրանդ Տինքն սպանուեցաւ իր գլխաւորած «Ակօս» թերթի խմբագրութեան առջեւ։