Շուէտ չի պատրաստուիր Թուրքիոյ յանձնել հայամէտ Ռակըպ Զարաքօլուն

Շուէտի Բարձրագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահներու պահանջը՝ արտայանձնել յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։
Թրքական Gazeteduvar–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիան կը պահանջէ Ռակըպ Զարաքօլուն՝ անոր մեղադրելով PKK–ի հետ կապեր ունենալու մէջ։
Դատարանի որոշումը պէտք է հաստատէ նաեւ Շուէտի խորհրդարանը։
Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուն յայտնի իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ է Թուրքիոյ մէջ։ Անոր գլխաւորած «Պելկէ» հրատարկչատան մէջ տպագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր։ Զարաքօլուն 2011-ի փետրուարին եւ 2013-ի դեկտեմբերին այցելած էր Հայաստան։