Նուպար Աֆէյեանի ընկերութեան պատուաստանիւթի առաջին փորձարկումները դրական արդիւնք տուած են

2020-05-19
Image

Moderna ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրն ու գլխաւոր տնօրէնը հայազգի գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէյեանն է, այսօր նախնական տեղեկութիւններ ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի փորձարկումներու առաջին փուլի մասին:

Մասնաւորապէս, բոլոր 45 կամաւորներու մօտ  պատուաստանիւթը հակամարմիններ  յառաջացուցած է այդպիսով   վարակին դէմ պայքար  մղելու  ճանապարհ մը  բանալով։

15 հոգինոց խումբերու բաժանուած կամաւորները ստացած են, համապատասխանաբար, 25, 100 եւ 250 միքրոկրամ պատուաստանիւթ երկու անգամ՝ 28 օր տարբերութեամբ:

Աւելի վաղ Moderna-ի գործադիր տնօրէն Ստեֆըն Պանսելը յայտնած էր, որ 600 մարդու ներգրաւմամբ COVID-19 համավարակի դէմ պատուաստանիւթի փորձարկումներ պիտի սկսին յուլիսին։

Moderna-ի պատուաստանիւթի «թեկնածուն»՝ mRNA-1273-ը, հիմնուած է ժառանգական նիւթի վրայ, մշակուած է շատ յատուկ բաղադրատոմսով եւ կ'արտադրէ «Քորոնա» ժահրի փրոթէիններ (սպիտակուցներ)։ Քանի որ ժահրը, որպէս կանոն, կ'օգտագործէ այդ փրոթէինը՝ թոքերու բջիջները «շրջափակելու» համար, այս պատուաստանիւթը կրնայ հակամարմիններ արտադրելու համար առողջ դիմադրողական (իմունային) համակարգ ստեղծել՝ մինչ վարակուիլը։