Յայտնի են 2020թ. «Աւրորա»ի հերոսներու անունները

24 Ապրիլ 2020-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման օրը, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն առցանց քննարկում կատարած է՝ յարգանքի տուրք մատուցելու մէկ դար առաջ նահատակուածներու յիշատակին եւ մեծարելու մերօրեայ հերոսները, այդ շարքին եւ անոնց, որոնք այսօր կը պայքարին «Քորոնա» ժահրի համավարակի բռնկման դէմ։ Այս մասին կը յայտնէ Auroraprize.com-ը:
«Աւրորան՝ աշխարհին դաշնակից» առցանց քննարկման, որ կը վարէր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործադիր տնօրէն Նիքոլա Սթանիշը, կը մասնակցէին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեանը, Վարդան Կրեկորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը, «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ Լորտ Արա Տարզին եւ «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարկարիթ Պարանքիցէն:
«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ Լորտ Արա Տարզին առցանց յայտարարած է 2020 թուականի «Աւրորայի» հերոսներու անունները՝ Ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլման, Անժելիք Նամայքա, Սոֆի Պո եւ Քլաուս Ֆոկել, Սաքինա Եաքուպի։