ՀՀ ԱԳՆ կոչին արձագանգած է Չինաստան գտնուող 400-է աւելի ՀՀ քաղաքացիներ

ՀՀ ԱԳՆ-ի եւ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ կապի մէջ մնալու կոչին արձագանգած են Չինաստան գտնուող աւելի քան 400 ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:
Յիշեցնենք՝ 27 յունուարին ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած էր՝ ՀՀ քաղաքացիները յորդորելով ժամանակաւորապէս խուսափել Չինաստան այցելելէ, իսկ արդէն Չինաստան գտնուող քաղաքացիներուն կոչ ընելով կապի մեջ ըլլալու Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ ԱԳՆ-ի հետ: