Հայ զինծառայողները դէպի՝ Մոսկուա

2020-06-03
Image

Հայկական բանակի 75 զինծառայողներ կը մեկնին Մոսկուա մասնակցելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի 75-ամեայ յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսին, «Ազատութեան» ըսած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Շարասիւնը, ըստ Ստեփանեանի, պիտի ծածանէ պատերազմի եռակի շքանշանակիր Թամանեանական բաժանմունքի դրօշն ու Հայաստանի եռագոյնը։ Շքերթին մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարը, վերջինիս մասնակցութեան մասին առայժմ չէ հաղորդուած։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 յունիսին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, յոյս յայտնած է, որ մինչ այդ ապաքինուած կ'ըլլայ «Քորոնա» ժահրէն եւ կը կարողանայ անձամբ մասնակցիլ միջոցառման։