Հայ երիտասարդ ջութակահարը ճանչցուած է «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»

2020-01-30
Image

Հայ երիտասարդ ջութակահարը ճանչցուած է «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»։

Հայ երաժիշտները առաջին անգամ չէ, որ յայտնի դարձած է համաշխարհային հեղինակաւոր բեմերուն՝ վաստակելով խստապահանջ հանդիսատեսի ճանաչումն ու սէրը եւ հռչակ բերելով նաեւ մեր երկրին:

Համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած հայ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան ստացած է զուիցերիական Credit Swiss դրամատան ամենամեայ մրցանակը` ճանչցուելով «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»: 

Ջութակահարը պարգեւատրելու արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիեննայի մէջ, 18 Յունուարին: Ժիւրիի կազմը գլխաւորած է Լիւցեռնի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Միխայիլ Կաֆլիկերը:

Միաժամանակ Սերկէյ Խաչատրեան արժանացած է նաեւ մրցանակի` զուիցերիական  75 հազար ֆրանկ գումարի չափով, որ երաժշտական բնագաւառի մէջ «ամենասուղ» մրցանակներէն մէկն է: Մրցանակը նաեւ կ՝ենթադրէ, որ ջութակահարը պիտի մասնակցի Վիեննայի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ համերգի: Անիկա Կուսդաւօ Տուտամելիայի ղեկավարութեամբ պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 13-ին: Google+ համակարգին մէջ զուիցերիական դրամատան վերջին հրապարակային գրուածքը կը վերաբերի հայ երիտասարդ երաժիշտին. զայն շնորհաւորած են յաջողութեան ու կոչման արժանանալու համար:

Սերկէյ Խաչատրեան ծնած է Երեւան 1985 ին  եւ ուսումը ստացած է  Վիւրցպուրկի եւ Քառլշռուի մէջ:  Ան, առաջին անգամ ուշադրութիւնները իր վրայ կեդրոնացուց 2000-ին, երբ շահեցաւ  ջութակի  «Ժան  Սիպելիիւս» 8-րդ միջազգային մրցանակը,  միաժամանակ դառնալով անոր  արժանացող  ամենէն  երիտասարդ արուեստագէտը: 2005-ին, Սերգկէյ Խաչատրեան շահեցաւ Պրիւսէլի «Էլիզապէթ Թագուհի»  երաժշտական մրցումի Ա. մրցանակը: Անցնող տարիներու ընթացքին՝ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու մէջ, մեծագոյն  նուագախումբերու հետ մասնակցեցաւ բազմաթիւ համերգներու, ինչպէս «Մարիինսքի Օրքեսթրա»-ի, Փարիզի նուագախումբին, Պերլինի ֆիլհարմոնիքին, «Ռոյալ Գոնսըրթկիպաուօ Օրքեսթրա»-ին,  Ֆրանսայի ազգային նուագախումբին, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճըլըսի եւ Ֆիլատելֆիոյ ֆիլհարմոնիք
նուագախումբերուն հետ:

Սերկէյ Խաչատրեանի վերջին համերգը Երեւանի մէջ կայացած է 2013 Սեպտեմբեր 15-ին, երբ ան «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ: Սերկէյ Խաչատրեան կը նուագէ 1740-ին Ճ.Կուարներիի ստեղծած «Իզա»-ի ջութակով, որ անոր սիրով տրամադրած է ճափոնական Nippon երաժշտական հիմնադրամը: