Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆիլմը՝ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ժապաւէններու առաջին հնգեակին մէջ

Թրքական Sondakika.com պարբերականը հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ լայն ցուցադրման համար արգիլուած ֆիլմերու ցանկը: Ամէն պարագային, թուրք հանդիսատեսը կը գտնէ արգելքը շրջացնելու միջոցներ եւ ժապաւէնները կը նայի կա՛մ համացանցէն, կա՛մ յատուկ մասնաւոր հեռուստաալիքներէն։
Արգիլուած ժապաւէններու հնգեակին մէջ յայտնուած է նաեւ «Արարատը»՝ գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի ֆիլմը հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Ֆիլմը նկարահանուած է 2002-ին, Թուրքիոյ մէջ մասնաւոր հեռուստաալիքով ցուցադրուած է 2006-ին։ Ժապաւէնին մէջ գլխաւոր դերերէն մէկը կատարած է մայեսթրօ Շառլ Ազնաւուրը։
Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ֆիլմերու ցանկին մէջ են Ալան Փարքըրի «Կէսգիշերային ճեպընթացը» (1978), Լարս ֆոն Թրիէրի «Նիմֆոմանուհին» (2013), Տեւիտ Լինչի «Լոուրենս Արաբացին» (1962) եւ Էլիա Քազանի «Ամերիկա, Ամերիկա» (1963) ժապաւէնները։