Հայոց Բանակի օրուան առթիւ. 4 Հանգստեան օրեր Հայաստանի մէջ

Հայաստանի մէջ ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման տօնի առիթով չորս հանգստեան օր պիտի ըլլայ:
Երկուշաբթի՝ 27 յունուարի աշխատանքային օրը պիտի տեղափոխուի 1 փետրուար՝ շաբաթ օր: Այդ մասին որոշումն ընդունուեցաւ կառավարութեան նիստին: Այսպիսով չորս հանգստեան օրերն են՝ յունուար 25, 26, 27 եւ 28:
Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը նշած է, որ որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու կապակցութեամբ քաղաքացիներու հանգիստը կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Բանակի օրուան` 28 յունուարին, նախորդող օրը միջոցառումներուն պատշաճ պատրաստուելու անհրաժեշտութեամբ: