Հայաստանի մէջ վերջին երեք ամիսներուն՝ «Քորոնա» ժահրի ժամանակ, փակուած է 5873 տնտեսութիւն

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածման առաջին երեք ամիսներուն (1 մարտէն 31 մայիսը) իրենց գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս դադարեցուցած են 5873 կազմակերպութիւններ եւ անհատ ձեռնարկատէրեր։ Այս մասին NEWS.am–ի փոխանցմամբ յայտնած են Պետական եկամուտներու կոմիտէէն։
Այս ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելի է 41 տոկոսով (2019թ. նոյն եռամսեակին 4164 էր)։
Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած կազմակերպութիւններուն մէջ չեն դիտարկուած պետական, համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնները եւ պետական կառավարչական հիմնարկները։
Այն, որ «Քորոնա» ժահրի պատճառով առաջացած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ աշխարհի շատ երկիրներ բախուած են նման խնդրի, գաղտնիք չէ, սակայն շատ պետութիւնները հարկային արտօնութիւններ սահմանած են առաւել խոցելի ոլորտներու համար։
Մասնաւորապէս, «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքները մեղմելու նպատակով ԱՄՆ-ը, Ռուսաստանը, Փորթուկալը, Ղազախստանը, Վրաստանը հարկային արձակուրդ տրամադրեցին համավարակէն ամէնէն շատ տուժած ոլորտներուն։