Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի հանրակառքերու արտադրութիւն

2020-05-18
Image

Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի սպառման համար նախատեսուած հանրակառքերու արտադրութիւն՝ քորէական «Եանկսան» (Youngsan) ընկերութեան եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս: Ներդրումային նոր ծրագրի արժէքը կը գնահատուի 4,4 միլիոն տոլար: «Արմէնբրես»ի հետ այս թմեայի շուրջ զրուցած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի գլխաւոր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան:

«Պիտի հիմնուի հանրակառքերու հաւաքման կեդրոն: Հանրակառքերը նախատեսուած պիտի ըլլան Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկային համար: Շատ յստակ թիրախաւորում կայ: Հայաստանը կը դառնայ յարմարաւէտ երկիր միջազգային ձեռնարկութիւններուն համար:Անոնք միակը չեն, որոնց հետ քննարկումներ կը ծաւալին՝ նպատակ ունենալով Հայաստանը օգտագործել որպէս արտադրական կէտ՝ ԵԱՏՄ երկիրներ արտադրանք վաճառելու համար»,- ըսած է Փափազեան:

Քորէական ընկերութեան կողմէն նախաձեռնութիւնը եղած է դեռ նախորդ տարի: Ընկերութեան ներկայացուցիչները կապ հաստատած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան  եւ Ներդրումներու աջակցման կեդրոնի հետ: 

«Նախորդ տարի ընկերութեան կողմէ աշխատանքներ տարուած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ Ներդրումներու աջակցման կեդրոնին հետ: Որոշում կայացուած է ծրագրի յետագայ ընթացքը ապահովել Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտին հետ համագործակցութեամբ»,- յայտնած է նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Օհանեան:

Փափազեանի խօսքիվ, «Youngsan»-ը բաւական մեծ ձեռնարկութիւն է, անցեալ տարի կէս միլիառ տոլարէ աւելի վաճառք է ունեցած է: Հայաստանի մէջ արտադրուող հանրակառքերուն վերաբերեալ դեռ պէտք է յստակեցումներ կատարուին: Պիտի արտադրուին, հաւանաբար, 3 տեսակի հանրակառքեր, որոնց երկարութիւնը պիտի հասնի մինչեւ 10 մեթրի:

Ֆոնտի տնօրէնին խօսքով՝ առ այժմ հումքը պիտի բերուի դուրսէն, սակայն, նպատակ կայ ժամանակի ընթացքին հումքը նոյնպէս արտադրուի Հայաստանի մէջ։

Ձեռնարկութիւնը կը նախատեսուի գործարկել այս տարի: Գործարանի յստակ վայրը դեռ չեն որոշած, կը քննարկուի 3 տարբերակ, պիտի յստակացնեն արտերկրի գործընկերներու հետ։