Հայաստանի մէջ կ՚ապրին Ցեղասպանութենրն վերապրած 3 մայրիկներ

ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան հասարակական ապահովութեան պետական ծառայութեան կողմէ կենսաթոշակ կը ստանայ Ցեղասպանութիւնը վերապրած 3 քաղաքացի: «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան՝ այս մասին տեղեկացուցած են Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութենէն:
Նշեալ քաղաքացիներն են՝ Ովսաննա Միրխանեան (1915 թուականի ծնունդ), Մարի Կիրակոսեան (1908-ի ծնունդ) եւ Եփրաքսի Գէորգեան (1914-ի ծնունդ):
Նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մինչեւ 1915 Դեկտեմբեր 31 ծնածները, բացի իրենց կենսաթոշակէն, պետութեան կողմէն կը ստանան նաեւ յաւելավճար իրենց կենսաթոշակի 50 տոկոսի չափով եւ հարիւր հազար դրամ իբրեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած: