Ինչպէս պաշտպանուիլ «քորոնա» ժահրէն. վարչապետը պաստառ հրապարակած է

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաստառի լուսանկար հրապարակած է, որուն մէջ ներկայացուած են «քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու կանոնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, ՀՀ վարչապետը պաստառին կից կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Հայաստանի մէջ մինչ այս պահը «քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան ոչ մէկ դէպք գրանցուած է։ Եւ, եթէ պահէք այս պաստառի վրայ նկարագրուած բոլոր կանոնները, չի ալ գրանցուիր: Կը խնդրեմ հնարաւորինս շատ տարածել»,- գրած է Փաշինեանը: