Թրքական լիրան կը շարունակէ գահավիժիլ

2019-12-23
Image

Թրքական լիրան արժեզրկուած է՝ հասնելով մայիսէն ի վեր ամենացած մակարդակին, այն բանէն ետք, երբ կառավարութան վերջին կոշտ ջանքերը՝ զսպելու շուկայի տատանումները, խորացուցին մտահոգութիւնները Ուաշինկթընի հետ Անգարայի վատթարացող յարաբերութիւններու առիթով։

Թէեւ իշխանութիւնները ձեռնարկած են քանի մը անսովոր քայլեր լիրայի կայունացման համար, 2019-ին այն արժեզրկուած է 11 տոկոսով։ Միւս կողմէ՝ լիրայի պահպանուող թուլութիւնը կրնայ օգնել Թուրքիոյ սահմանափակել ներմուծումը եւ հասնիլ ՀՆԱ 5 տոկոս աճի յաւակնոտ կանխատեսման 2020-ին։ «Կառավարական մարմիններուն հարկաւոր է մրցունակ լիրա»,- Reuters-ին ըսած է տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ չնշելով անունը։

Հինգշաբթի լիրան ինկած է տոլարի հանդէպ՝ հասնելով 5,9425-ի։