Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատին մօտ գտնուող այգիին մէջ

Հռոմի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատի հարեւանութեամբ գտնուող այգիին մէջ: Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան տեղեկացուցած են ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Այն, նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, պիտի ըլլայ կիսանդրի: Հեղինակը եւ նիւթը, որմէ պատրաստուած պիտի ըլլայ կիսանդրին, դեռ որոշուած չեն՝ նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ արձանն իտալական կողմի պահանջով պէտք է համապատասխանէ որոշակի չափանիշներու։ Առայժմ յստակեցուած չէ՝ արձանը պիտի պատրաստուի Հայաստաի, թէ Իտալիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին 2020-ի ընթացքին կիսանդրին տեղադրելու ուղղութեամբ։
Ինչ կը վերաբերի Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանի տեղադրման, ապա այդ մտայղացումը կը գտնուի նախնական քննարկման փուլի մէջ եւ այլ մանրամասներ դեռ յայտնի չեն: