Երեւան. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 45 ծանր պարագայ կայ

2020-05-11
Image

Այս պահուն 45 ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդ ունինք «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ։ Այս մասին 10 մայիսին, ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է հիւանդանոց այցելած առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։

Անոր խօսքով՝ եւս 70 ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներ կան հիւանդանոցի այլ բաժիններուն մէջ:

Նախարարը բժիշկներուն հետ շրջած է հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքը, հետաքրքրուած, թէ հիւանդներու մօտ հիմնական խրոնիկական ո՞ր հիւանդութիւնները կը գերակշռեն, որուն հիւանդանոցի աշխատակիցը պատասխանած է. «Հանդիպող հիւանդութիւններէն հիմնական կը գերակշռեն շաքարախտը եւ զարկերակային ճնշումը»։

Նախարարն անդրադարձած է նաեւ ԲԿ–ի ծանրաբեռնուածութեան. «Գրիգոր Լուսաւորիչ ԲԿ–ի վերակենդանացման բաժանմունքը ամենամեծն է Հայաստանի մէջ եւ այս պահուն ազատ տեղ չկայ»։