Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Չաքմաքչեանի «Քալող մարդը» քանդակը

2019-12-17
Image

Հիւսիսային պողոտայի՝ Աբովեան փողոցին յարող տարածքին մէջ պիտի տեղադրուի անուանի քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հեղինակած «Քալող մարդը» քանդակը:

Երեւանի աւագանին հաւանութիւն տուած է որոշման նախագիծին:

«Վարպետի ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու հրապարակներուն ու թանգարաններուն մէջ, մինչդեռ քանդակագործը միշտ երազած է իր ստեղծագործութիւններէն մէկը ունենալ Երեւանի մէջ»,- ասուած է Երեւանի քաղաքապետարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: 

Արձանի ձուլման եւ տեղադրման ծախսերը պիտի հոգայ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, սփորթի ու մշակոյթի նախարարութիւնը: