Ատրպէյճանցիք «Քորոնա»ով հիւանդ հայաստանցիներու տուեալներ հանրայնացուցած են․ Սամուէլ Մարտիրոսեան

Մետիա արհեստագիտութիւններու մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է.
«Ատրպէյճանցիք «Քորոնա»ով հիւանդներու եւ հիւանդներու հետ շփում ունեցող հայաստանցիներու տուեալներ հանրայնացուցած են, մօտ՝ 3500 մարդու:
Յ․Գ․ Կը խնդրեմ, ինծմէ ցուցակները մի խնդրէք, անոնք կը պարունակեն անձնական տուեալներ
Յ.Յ․Գ․ Աւել բան դեռ չեմ գիտեր, ցանցահէնը կ'ըսէ, որ ել-նամակ կոտրած է Առողջապահութեան նախարարութենէն, բայց ինչ կ'ուզէ կ'ըսէ
Յ.Յ.Յ․Գ․ Որքանով հաւանական է, որ սա իրական տուեալներ են, այլ ոչ յօրինած։ Երեւի թէ, իրական են, նման են իրականին, բայց մինչեւ չստուգուի, պարզ չըլլար։
Ինչ է ասոր վտանգը։ Անձնական տուեալներու տարածումը միշտ վտանգ է։ Բացի անկէ, բժշկական գաղտնիքի բացայայտում է, որ կրնայ այդ մարդոց դէմ ստեղծել հանրային լարուածութիւն։ Եւ, մենք նաեւ չենք գիտեր, թէ ինչ այլ տուեալներու արտահոսք կրնայ եղած ըլլալ»։