Ատրպէյճանի ՊԱԾ ղեկավարը կարգադրած է սպանել պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը՞

2020-01-15
Image

Պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը ֆեյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ներկայ ղեկավարը կրնայ մասնակից ըլլալ իր սպանութեան փորձին։

«Անոնք, որոնք կը վարեն Ատրպէյճանի ՊԱԾ ղեկավարի՝ պարոն Ալի Նակիեւի անձնական էջը, հաստատ խելքերնին թռցուցած են։ Որպէս ասպարէզային աճի նշան՝ անոր վերագրած են Ռիկայի մէջ պլոկըր Լափշինի սպանութեան փորձ։ Իբր, ծնած է Նախիջեւանի Պապեքի շրջանին մէջ սովորական մարդ մը։ Բայց ան շատ սորված, աշխատած է, ծառայած է հայրենիքին։ Եւ 62 տարեկանին հասած է այն աստիճանի, որ հրամայած է սպանել պլոկըր Լափշինը։ Հիանալի օրինակ է ատրպէյճանցի երիտասարդութեան համար, որ արդէն մեծցած է Ռամիլ Սաֆարովի «հերոսութեան» օրինակով, որ կացնահարած էր քնացած հայ զինուորը հիւրանոցին մէջ։ Ահաւոր է, անկեղծ ըսած»,- նշած է պլոկըրը։