Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 28-30, պիտի կայանայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը: Այն պիտի կայանայ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգի աջակցութեամբ:
Fintech360-ի ընթացքին դրամատուներու, դրամական փոխանցումներու եւ վճարային համակարգերու, IT ընկերութիւններու, սթարթափերու ղեկավարները պիտի քննարկեն թէ ինչպէս նոր ճարտարագիտութիւնները պիտի օգնեն գործարարութեան առաջխաղացման ու զարգացման:
Օրակարգի կարեւոր թեմաներն են՝
Ելեւմտական կազմակերպութիւններու յաճախորդներու վարքագծային յատկանիշները,
Ինչպէ՞ս բարձրացնել յաճախորդներու հաւատարմութիւնը սուր մրցակցային պայմաններու ժամանակ,
Big Data-ն ելեւմտական շուկայագիտութեան մէջ,
Արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կ՝օգնէ բարձրացնելու վտանգի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնելու ծախսերը,
Գերանվտանգութիւնը թուային դարաշրջանին,
RegTech եւ համապատասխանութեան վտանգներու արդիւնաւէտ կառավարում,
Կարգաւորում եւ նորարարական ճարտարագիտութիւնները ելեւմտական ոլորտէն ներս:
Քննարկումներն ու կլոր սեղանները համաժողովի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի տան փոխանակուելու փորձով, ընդլայնելու գործարար կապերու շրջանակը եւ ձեռք բերելու նոր գործընկերներ:
Fintech360-ը պիտի կայանայ Holiday Inn Yerevan Republic Square հիւրանոցի դահլիճին, ինչպէս նաեւ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ:
Մասնակիցներուն կը սպասուի ոչ միայն յագեցած գործարարական օրակարգ, այլեւ անմոռանալի մշակութային ծրագիր: Հայաստան այցը պիտի յիշուի Գեղարդ, Գառնի, Դիլիջան եւ Սեւանայ լիճ հետաքրքրաշարժ ճանապարհորդութիւններով:
Համաժողովի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու եւ արձանագրուելու համար այցելեցէք այստեղ