Անիի աւերակները Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդի մեծ կորուստներու խորհրդանիշ. National Geographic

2020-04-13
Image

National Geographic յայտնի ամսագիրը հրապարակած է Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Անիին նուիրուած յօդուած:

Ըստ յօդուածի հեղինակ Անթոնիօ Ռատիի՝ 10-րդ դարուն «հազար ու մէկ եկեղեցիներու» քաղաքը դարձած է Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ 100 հազար մարդու տունը:

«Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ առեւտրային ուղիներու երկայնքով անոր ռազմավարական դիրքը Անին դարձուցած է գրաւիչ տիրակալութիւն՝ հարիւրամեակներ շարունակ քաղաքը մատնելով ներխուժումներու եւ ապա լքուածութեան երկար ժամանակահատուածի»,- նշած է հեղինակը:

«Հայաստանի միջնադարեան թագաւորութիւնը ժամանակին տարածուած է ժամանակակից պետութեան սահմաններէն հեռու: Հին ժամանակներուն այս հողերը անցած են պարսիկներու, սելեւկեաններու, պարթեւներու եւ հռոմեացիներու  վերահսկողութեան տակ»,- նշած է հեղինակը՝ աւելցնելով, որ անկախ այս կայսրութիւններու վերելքներէն ու անկումներէն՝ Անիի մէջ գերակշռած է հայ ինքնութիւնը:

«Քաղաքի անխռով աւերակները, որ դարեր շարունակ լեփ-լեցուն էր բանակներով, հայերու համար միշտ յատուկ վայր եղած է: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այս վայրը դարձած է Հայաստանի կորուստներու մասին յիշատակի եւ անոր զարմանահրաշ աննկունութեան խորհրդանիշներէն մէկը»,- եզրափակած է հեղինակը: