«5-րդ ալիքի» սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը ձերբակալուած է

2019-12-25
Image

«5-րդ ալիքի» սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը ձերբակալուած է։ Ան ձերբակալուած է Ռոպերթ Քոչարեանի աջակից Վարուժան Մկրտչեանի վերաբերեալ քրէական գործով։ Մկրտչեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 340-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 1-ին կէտով (Սուտ ցուցմունք տալու նպատակով վկային կամ տուժողին սուտ ցուցմունք տալու նպատակով կաշառելը, որոնք կատարուած են կազմակերպուած խումբի կողմէ): Թաւադեանը ձերբակալուած է նոյն քրէական գործի շրջածիրէն ներս, նոյն յօդուածով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու կասկածանքով։