«Թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին պատմող «Մենակ չեմ» տեսաֆիլմը՝ մրցանակակիր

2020-05-18
Image

Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմող «Ես Մենակ Չեմ» (I am not alone) ֆիլմը, որուն բեմադրիչն է Կարին Յովհաննիսեան, ստացաւ իր տասներորդ մրցանակը` այս անգամ «RiverRun» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին:

Այս մասին կը նշուի ժապաւէնին «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ, ուր տեղադրուած է նաեւ դատական կազմին արժեւորումը։

Դատական կազմը ֆիլմը կը նկատէ հրապուրիչ, որ կը յիշեցնէ լաւագոյն վաւերագրական արտադրութեան ուժը` բանալով դիտողին աչքերը առաջը այն պատմութեան, որուն մարդիկ ծանօթ չէին, եւ զայն կը ներկայացնէ արուեստի եւ վարպետութեան ճամբով։

«Ամէն ինչ կը սկսի անկէ, որ մէկ մարդ կը շրջի երկրով մէկ` քայլարշաւը մեր աչքին առջեւ դարձնելով զանգուածային շարժում: Ֆիլմի դիտումը աւելի է, քան քաղաքական շարժման մասին կրաւորական դիտարկումը. Յովհաննիսեան դիտողին ամբողջովին կ'ընկղմէ պատմուածքին մէջ` անօդաչու թռչող սարքերու նկարահանած գեղեցիկ տեսարաններէն մինչեւ շարքային քաղաքացիներու բջիջային հեռախօսներու քատրերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Ըստ դատական կազմին՝ ֆիլմը լուսաւոր եւ ոգեշնչող է, արդարեւ, ընտրելով բարդ թեմայ, անիկա շատ լաւ խմբագրուած պատմուածքի ընդմէջէն հետաքրքրաշարժ կերպով ներկայացուելով` ցոյց կու տայ բարդ եւ հրատապ պատմութեան բազմաթիւ կողմերը: «Ընտրական տարուան կէսին «Ես մենակ չեմ»ը ժողովուրդին ուժին հզօր յիշեցումն է», կը հաստատէ դատական կազմը։