«Էրեբունի Փլազա»-ի մէջ կրակոցներ արձակած անձը յանձնուած է ոստիկանութեան

Ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած էր, որ Երեւանի «Էրեբունի Փլազա» հիւրանոցին մէջ զինուած անձ կայ։ Ոստիկանութենէն «Ազատութեան» յայտնած էին, որ դէպքի վայր մեկնած են դաշտային խումբեր։
Ինչպէս լրագրողներուն փոխանցած են ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը, կրակոցներ արձակած անձը զէնքը յանձնած է ոստիկանութեան:
Ահարոնեանի տեղեկացմամբ՝ զինուած անձի հետ անձամբ բանակցած է ոստիկանութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Սարգսեանը: Պատանդ վերցուած քաղաքացիներ եւս չեն եղած, իրավիճակը վերահսկուած է:
Նշենք, որ «Էրեբունի Փլազա»-ի մէջ տեղակայուած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը, «5-րդ ալիք» հեռուստաընկերութիւնը։
Հայաստանի երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը դժուարացած է ըսել՝ գրասենեակին կ'առնչուի արդեօք միջադէպը՝ ընդգծելով, որ «Էրեբունի Փլազա»-ի մէջ կը գործեն բազմաթիւ հիմնարկներ։
«Էրեբունի Փլազա»-ի յարակից շէնքին մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակէն «Ազատութեան» աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ գրասենեակի հիմնական աշխատակազմը եւ հիւրերը տարհանած էին։