Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչող Պատմական Համաժողով Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանէն Ներս

2024-04-24
Image

2024-04-18

Հաղորդագրութիւն՝

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պելճիքայի միաւորի երիտասարդ, խանդավառ անդամներու հետեւողական եւ գովելի ճիգերուն իբրեւ արդիւնք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող պատմական համաժողով մը տեղի ունեցաւ , Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանէն ներս, Հինգշաբթի, Ապրիլ 18-ի երեկոյեան տեղական ժամանակով ժամը 6-էն սկսեալ։

Հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանի մեծ թիւով անդամներու, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մօտ շատ մը դեսպանատուներու դիւանագիտական պաշտօնատարներու, կը վայելէր ազնիւ հիւրընկալութիւնը Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանի Իրլանտայի ներկայացուցիչ Քլէր Տէյլիի, որ տասնամեակներէ ի վեր յայտնի եւ նուիրեալ մարտնչող մը եղած է ի խնդիր արդարութեան հաստատման եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումին։

Տիկին Տէյլի, բացման իր խօսքով, նշեց թէ համաժողովին նպատակն էր ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ընդգծելով որ ան կ’ունենայ նաեւ մերօրեայ իր շարունակութիւնը, որովհետեւ քաղաքական շահերէ եւ հատուածական շիլ նկատառումներէ առաջնորդուած, կարգ մը պետութիւններ տակաւին կ’ուրանան արիւնալի այս ողբերգութիւնը, հակառակ անժխտելի բազմաթիւ ապացոյցներու առկայութեան եւ հեղինակաւոր պատմաբաններու վճռական հաստատումներուն։ Պախարակելի այս ընթացքը ոչ միայն կ’ անարգէ նահատակները եւ կը սրէ անոնց ժառանգորդներուն վիշտը, այլ նաեւ առիթ կ’ընծայէ որ անարդարութիւնը եւ անպատժելիութիւնը յարատեւեն։

Համաժողովը ողջունող ելոյթով ներկայացաւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան պաշտօնատար Արմինէ Մխիթարեանը, որ յիշատակելէ ետք թէ Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանը բազմազգ առաջին համախմբումն էր որ, 1987-ին որդեգրուած բանաձեւով, ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անդրադարձաւ այն սարսափելի իրողութեան թէ 2023-ին, ի տես համայն աշխարհին, Ազրպէյճանի պետութիւնը, ցեղասպանական բացայայտ արարքով, պատմական իր բնօրրանէն վայրագօրէն դուրս մղեց Արցախի հայութիւնը։ Ասիկա ապացոյց է թէ, երբ անպատիժ կը մնան յանցագործութիւններ, անոնք անկաշկանդ կերպով կը կրկնուին։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատգամով հանդէս եկաւ ընկեր Պարոյր Տէմիրճեան, որ հակիրճ այլ համապարփակ կերպով ներկայացնելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական արհաիրքն ու անոր իբր անմիջական հետեւանք հայ ժողովուրդի պահաջատիրութեան արդար իրաւունքը, ընգծեց թէ հաշտութիւնը, անպայմանօրէն, ազնիւ ձգտում մըն է, գիտակից ամէն հաւաքականութեան համար բաղձալի: Սակայն հաշտութեան համար անսակարկելի նախապայման է որ մեղաւորը ամբողջովին գիտակցի իր գործած սխալին, զղջալով ընդունի զայն եւ մանաւանդ՝ յօժարի ստանձնել համապատախան տոյժ, որպէսզի երաշխաւորուի որ տուեալ յանցանքր այլեւս երբեք պիտի չկրկնուի։ Ապա ակնարկեց թէ Արցախի ահռելիօրէն անմխիթար ներկայ դրութիւնը յստակօրէն եւ անմիջական կերպով կ’առնչուի 109 տարի առաջ սկիզբ առած զազրելի ոճրագործութեան հետ։ Համաժողովը հիմնական նապատակ ունէր ահազանգել սահմռկեցուցիչ այս իրողութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկութեան տնօրէն Տիկին Էդիտա Գզոյեան, որ այս միջոցառման իր մասնակցութիւնը կը բերէր առցանց, յստակօրէն բնութագրելէ ետք Ցեղասպանութեան հիմքերը, յիշատակեց մեծ ոճիրէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած դատական այլեւայլ գործընթացներն ու անոնց կողմէ կայացուած յանցապարտութեան վճիռները։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ թէ միեւնոյն ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է Նախիջեւանի եւ Արցախի հայաթափումը եւ նուիրական այդ վայրերու տարածքին կատարուած ու կատարուող ծրագրեալ աւերումը հայկական մշակութային կոթողներուն, որովհետեւ սրբապղծումն ու ոչնչացումը եկեղեցիներու եւ ազգային այլ արժէքներու կը նպատակադրէ հերքումը բնիկ հայութեան գոյութեան։ Այդ առումով ալ, Ծիծեռնակաբերդի յուահամալիրը յիշատակումն ու ոգեկոչումն է ո՛չ միայն անցեալի այլ նաեւ ներկայի ոճրագործութիւններուն։

Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հետազօտող Անիթա Խաչատուրովան, նշելէ ետք թէ 2020-էն 2022 Արցախ կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն ընթացքին ունեցած էր աւելի քան հարիւր վաւերահարաք հարցազրոյցներ, ընգծեց այն աղաղակող իրողութիւնը թէ հակառակ Արցախի մէջ կատրուած ու կատարուող ազգազտման բացայայտ եւ անողոք արարքներուն, բացարձակապէս ոչ մէկ պատժամիջոց կիրարկուած էր Ազրպէյճանի դէմ, մինչ նուազ տարողութեամբ արդարութեան խախտումներու համար, այլ պետութիւններ ենթարկուած են տնտեսական ծանր սահմանափակումներու։ Ոչ միայն չէին չեղարկուած Եւրոպական Միութեան հետ Ազրպէյճանի ունեցած կազի մատակարարման համաձայնագիրները, այլ Միութեան Խորհուրդի նախագահը՝ Շարլ Միշէլ նոյնիսկ շնորհաւորած էր Իլհամ Ալիեւի բացորոշ կերպով խարդախուած վերընտրութիւնը։

Վարդան Բարսեղեան, որ նախապէս պաշտօնավարած է որպէս Արցախի արտակարգ բանագնաց եւ լիազօր նախարար, իր ելոյթին մէջ շեշտեց թէ երբեք չեն փոխուած հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ունեցած յստակ նկրտումներն ու նպատակները եւ եթէ միջազգային հանրութիւնը չգիտակցի այդ նպատակներուն էութեան, ծանր հետեւանքները կրնան անդառնալի ըլլալ։ Ապա աւելցուց թէ անհրաժեշտ է որ Եւրոպական Միութիւնը խստօրէն պահպանէ Լիզպոնի պայմանագրով ամրագրուած մարդկային արժանապատուութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան իրաւունքները եւ այդ արժէքներն ալ կիրարկէ ամէնուր, ներառեալ Արցախի մէջ։ Կարեւոր նկատեց նաեւ որ գործադրութեան դրուի այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի կողմէ Մարտ 13ին ընդունուած բանաձեւը։

Ելոյթներուն յաջորդեցին ներկաներուն եւ զեկուցողներուն միջեւ միտքերու փոխանակումներ, յատակապէս՝ Եւրոպական Միութենէն ակնկալուող ազդու դերակատարութեան վերբերեալ, նկատի ունենալով որ անոր չեն պակսիր կարողականութիւնը, գործիքներն ու միջոցները։

Համաժողովի աւարտին, Տիկին Քլէր Տէյլիին յանձնուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրուած բարձր գնահատանքի եւ երախտագիտութեան հաստատագիրը։

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ