WTI տեսակի նաւթի գինը պատմութեան մէջ առաջին անգամ դարձած է բացասական

Նաւթի գինը կը շարունակէ իջնալ՝ հասնելով պատմական նուազագոյնի: Սա վերջին 30 տարուան ընթացքին գրանցուած ամենամեծ անկումն է: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդմամբ՝ WTI տեսակի նաւթի մայիսի մատակարարումներու մուրհակներու արժէքը պատմութեան մէջ առաջին անգամ բացասական դարձած է։
WTI տեսակի նաւթի 2020թ․ մայիսին մատակարարման մուրհակի արժէքը անկում ապրած է գրեթէ 162%-ով` հասնելով մէկ տակառի համար -11.42 տոլարի։