NEW YORK TIMES-ը անդրադարձած է Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ կալանաւորելու գործընթացին

2020-06-17
Image

Ամերիկեան հեղինակաւոր New York Times պարբերականը անդրադարձած է այս օրերուն Հայաստանի մէջ սկսած քաղաքական սրացման։

Մասնաւորապէս պարբերականը լուսաբանած է ԱԺ կողմէն ընդդիմադիր ամենախոշոր կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու եւ կալանաւորելու միջնորդութիւններուն հաւանութիւն տալուն։

Հրապարակման մէջ նշուած է, որ ԲՀ կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը Հայաստանի ամենահարուստ գործարարներէն է եւ կը հերքէ  իր կողմէ որեւէ իրաւախախտման կատարումը եւ կը յայտարարէ, որ իր դէմ եղած արարքը քաղաքական դրդապատճառ ունի։

Հրապարակման մէջ բաւական մանրամասն կերպով կը ներկայացուի Ծառուկեանին մեղսագրուող արարքըները եւ իրականացուած հարցաքննութիւնը, դիտարկելով այդ այն պարունակին մէջ, որ Ծառուկեանը վերջերս մեղադրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր կառավարութիւնը տնտեսութեան սխալ կառավարման եւ «Քորոնա» ժահրային համավարակի դէմ ճիշդ պայքարիլ չկարողանալու մէջ։ Նշուած է, որ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի մէջ արդէն կայ 17 499 վարակուած եւ 293 «Քորոնա» ժահրէն մահացած մարդ, իսկ տնտեսութիւնն ալ պիտի կրճատուի 2 տոկոսով, սպասուող 4,9 տոկոսանոց աճի փոխարէն։

Նշուած է նաեւ, որ Փաշինեան ինքը իշխանութեան եկած է երկու տարի առաջ խաղաղ յեղափոխութեան հետեւանքով, որ տեղի  ունեցած է ընդդէմ փտածութեան։