Der Tagesspiegel․ «Գորշ գայլեր»ը կրնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը տեղափոխել Գերմանիա
«Ռուսաստանը կ'օգնէ Հայաստանին, Թուրքիան՝ Ատրպէյճանին։ «Գորշ գայլերը» կրնան թուրք ազգայնականներու պահանջները առաջ մղել նաեւ Գերմանիոյ մէջ»,- նշած է գերմանական Der Tagesspiegel պարբերականը։
«Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող լարուած իրավիճակի ծիրէն ներս, պետական անվտանգութեան աշխատակիցները եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման փորձագէտները կը նախազգուշացնեն Գերմանիոյ համար անոր հետեւանքներու մասին: Նման գործողութիւններ կ'ակնկալուին աւելի շատ թուրք աջակողմեան ծայրայեղականներէն, քան հայերէն ու ատրպէյճանցիներէն: Այս մասին աշխոյժ քննարկումներ կ'ընթանան «Գորշ գայլեր»ու՝ թուրք ազգայնականներու շարքերուն մէջ, որոնք մեծամասամբ կը համակրին Անգարայի մէջ կառավարական դաշինքին մաս կազմող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան»,-ըսուած է յօդուածին մէջ:
«Համայնքի ղեկավարները, յանցագործութեան եւ «Գորշ գայլեր»ու միաւորման վերաբերեալ, քննարկումներ կ'իրականացնեն, ըստ որոնց, ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային հակամարտութիւնը պէտք է լուծել նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Ըստ էութեան, ասոնք հին օսմանցիներն են»,-յայտնած է այդ միջավայրին ծանօթ պաշտօնեան:
«Օսմանեան ցանցը 2018-ին արգիլուած է ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆըրի կողմէ»,- գրած է թերթը: «Խմբաւորումը բացայայտ ըմբոստացաւ ընդդէմ 2016-ին Պունտեսթագի ընդունած «Հայկական բանաձեւ»ին՝ օգտագործելով «Գորշ գայլեր»ու խորհրդանիշերը: «Գորշ գայլեր»ու շրջանին տարածուած է մեծ թրքական կայսրութեան՝ «Թուրան»ի ստեղծման գաղափարը, որ պէտք է միաւորէ թրքական ժողովուրդները Պալքաններէն մինչեւ արեւմտեան Չինաստան: Յոյները, քիւրտերը, հայերը կը համարուին թշնամիներ, իսկ ատրպէյճանցի «եղբայրական ժողովուրդը»՝ դաշնակից:
«Թուրքիոյ ազատ ծայրայեղ աջակողմեան միջավայրին մէջ կը դիտարկուի «բռնութեան պատրաստակամութեան աճ» եւ «զէնքի փափաք»,- կը յայտնէ Գերմանիոյ Սահմանադրութեան պաշտպանութեան գերատեսչութիւնը:
«Կը շարունակուի հետաքննութիւնը Քէոլնի մէջ հայերու հաւաքավայրին վրայ յարձակում կազմակերպողները եւ յուլիսին Պեռլինի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մեքենան այրողը բացայայտելու ուղղութեամբ: Դէպքերը, հաւանաբար, պայմանաւորուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քանի մը օր տեւած ռազմական բախմամբ»,- ըսուած է հրապարակման մէջ:
«Այն, որ Էրտողանը կը միջամտէ, որ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ «Գորշ գայլեր»ը ներկայանան որպէս Ատրպէյճանի օգնականներ, կը նուազեցնէ հակամարտութեան լուծման հաւանականութիւնը»,- ըսած է «Ճգնաժամային գօտի - Հարաւային Կովկաս» գիրքի հեղինակ եւ Պունտեսթագի մէջ «Ձախ կուսակցութեան» աշխատակից Հեյքօ Լանկնըր:
Ան կը գտնէ, որ հակամարտութեան կողմերը պէտք է ընդունին մատրիտեան հիմնարար սկզբունքները:
«Ըստ Լանկնըրի, եթէ թուրք աջակողմեան ուժերը խթանեն հակամարտութիւնը, այն հայերուն փաստարկներ կու տայ ազատագրուած տարածքները պահպանելու համար: Ի վերջոյ, տարածաշրջանի միւս ժողովուրդները նոյնպէս մտահոգուած են իսլամական «Մեծ Թուրան»ի գաղափարի պատճառով,- կը յայտնէ «Der Tagesspiegel»-ը: