COVID-19. Ապաքինուածներու թիւն անցած է 99 հազարը. Թարմ տուեալներ

2020-03-23
Image

Աշխարհի մէջ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրային վարակով՝ COVID-19-ով հիւանդներու թիւը 339 հազար 530 է: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, «Քորոնա» ժահրի հետազօտական կեդրոններու տուեալներու համաձայն՝ մահացածներու թիւը կ'անցնի 14 հազարը: 23 Մարտին նկատելիօրէն աճ գրանցուած է ապաքինուածներու թիւին մէջ` անցնելով 99 հազարը:

Ժահրէն վարակուածներու թիւով կը շարունակէ առաջին տեղը գրաւել Չինաստանը, ուրկէ ալ սկսած է բռնկումը։ Այստեղ վարակուածներու թիւը 81 հազար 93 է: Վարակուածներու մեծ թիւով երկրորդ տեղը Իտալիան է, այնտեղ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 59 հազար 138 մարդ։ Իտալիան եւրոպական այն երկիրն է, ուր բարձր է ժահրէն մահացութեան ցուցանիշը՝ կազմելով 5 հազար 476: «Քորոնա» ժահրէն մահացութեան ցուցանիշով Իտալիան առաջին տեղը կը զբաղցնէ աշխարհի մէջ:

Վարակուածներու թիւն արագ կ'աճի ԱՄՆ-ի մէջ, ուր վերջին տուեալներու համաձայն գրանցուած է 35 հազար 060 հաստատուած դէպք. նոր դէպքերը 1514-ն են: ԱՄՆ-ն այս ցուցանիշով յայտնուած է երրորդ տեղը՝ առաջ ացնելով Սպանիայէն: Այստեղ նոյնպէս առկայ են հիւանդացութեան աճի միտումներ: Մասնաւորապէս, հաստատուած դէպքերն այստեղ 28 հազար 768 են:

Սպանիոյ կը յաջորդէ Գերմանիան, ուրտեղ վարակվածներու թիւը 24 հազար 873 է, այնուհետեւ Իրանն է՝ 21 հազար 638 հաստատուած դէպքով:  Ֆրանսայի մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 16 հազար 018-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ՝ 8 հազար 961-ի, Զուիցերիոյ մէջ 7 հազար 474-ի, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ՝ 5 հազար 683-ի:

Ռուսաստանի մէջ հաստատուած դէպքերը 438-ն են: Մահացած է մէկ մարդ: Վրաստանի մէջ 54 հիւանդներէն մէկն ապաքինուած է:

Առաջին դէպքն արձանագրուած է նաեւ Սուրիոյ մէջ:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ ժահր արձանագրուած երկիրներու եւ տարածքներու թիւը 190-էն աւելի է:

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ 23 մարտին՝ ժամը 10:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 194 է. երկու անձ ապաքինուած է: