10 երկիր, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ դէպքերը գրանցուած են

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակի դէպքերու թիւը հասած է 2 408 160-ի: Ըստ worldometers.info/coronavirus/-ի` մահացած է 165 105 հիւանդ, առողջացած է 629 061-ը:
Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին որոշ երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած իրավիճակը սկսած է կայունանալ, միւսներուն մէջ, հակառակը, այն կը վատթարանայ: Ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնենք 10 երկիրներ, ուր այս պահուն ամենաշատը COVID-19-ով վարակման եւ անոր հետեւանքով մահուան ամենաշատ դէպքերը գրանցուած են.-
1. ԱՄՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ, ըստ վերջին տուեալներու, արդէն 764.265 վարակուած կայ, իսկ 40.565 հիւանդ մահացած է: ԱՄՆ-ն այժմ աշխարհի մէջ առաջին տեղն է` ինչպէս վարակակիրներու քանակի, այնպէս ալ մահացութեան մակարդակի առումով: Մէկ միլիոն մարդու հաշուով կայ 2309 վարակման դէպք. սա բաւականին բարձր ցուցանիշ է:
2. Սպանիա
Սպանիոյ մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 198.674 դէպք. 4,249 դէպք` մէկ միլիոն մարդու հաշուով: Մահուան դէպքերու թիւը 20453 է:
3. Իտալիա
Իտալիոյ մէջ վարակուած է 178 972 մարդ (մէկ միլիոնի հաշուով` 2960 մարդ), 23 660 մարդ մահացած է:
4. Ֆրանսա
Հիւանդներու թիւով Ֆրանսան այժմ աշխարհի մէջ չորրորդ տեղն է, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 152 894 մարդ (մէկ միլիոնի հաշուով` 2342 մարդ) եւ մահացած է 19 718 մարդ:
5. Գերմանիա
Գերմանիան հինգերորդ տեղն է` 145.742 վարակուածով (1.739 մարդ` մէկ միլիոն մարդու հաշուարկով) եւ 4.642 մահուան դէպքով: Հետաքրքրական է, որ «Քորոնա» ժահրէն մահացութեան մակարդակը Գերմանիոյ մէջ շատ աւելի ցած է, քան վերը թուարկուած չորս երկիրներուն պարագային:
6. Մեծ Բրիտանիա
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գրանցուած է 120.067 վարակման եւ 16.060 մահուան դէպք: Մէկ միլիոն մարդու հաշուարկով կայ 1769 վարակուած:
7. Թուրքիա
Վերջին շրջանին Թուրքիան վարակուածներու թիւով առաջ անցած է Իրանէն եւ Չինաստանէն. վարակուածներու թիւը 86306 է, մահուան դէպքերու թիւը` 2017: Մէկ միլիոն մարդու հաշուով այստեղ կայ 1.023 վարակման դէպք:
8. Չինաստան
Չինաստանը «Քորոնա» ժահրային համավարակի կեդրոնն է, եւ որոշ ժամանակ առաջ այստեղ ամէնէն շատ վարակուածներ եւ զոհեր կային: Այնուամենայնիւ, այսօր Չինաստանը վարակուածներու թիւով աշխարհի մէջ միայն 8-րդ տեղը կը զբաղցնէ (82.747, իսկ նոր դէպք երթալով աւելի քիչ կը գրանցուի), իսկ մահացութեան մակարդակը ցած է` շատ այլ երկիրներու համեմատ. համավարակի ընթացքին այստեղ մահացած է 4,632 հիւանդ:
9. Իրան
Իրանի մէջ իրավիճակը, կարծես, սկսած է կայունանալ: Քանի մը շաբաթ առաջ Իրանը վարակուածներու եւ մահացութեան դէպքերու թիւով 2-3-րդ տեղն էր, իսկ այսօր արդէն 9-րդ տեղն է. այստեղ գրանցուած է վարակման 82 211 եւ մահուան 5118 դէպք:
10. Ռուսաստան
Վերջերս Ռուսաստանը յայտնուած է «Քորոնա» ժահրի ամենաբարձր տարածուածութեամբ երկիրներու տասնեակին մէջ: Այստեղ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է 47 121 հիւանդի մօտ, որոնցմէ 405-ը մահացած է:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 48 նոր դէպք: Ընդհանուր առմամբ, 20 ապրիլի դրութեամբ երկրի մէջ գրանցուած է 1339 դէպք: 13373 հետազօտման արդիւնքները բացասական են: 737 մարդ կը շարունակէ բուժում ստանալ: Առողջացած է 580 մարդ, 22 հիւանդ մահացած է: