Քորոնա ժահրը «շատ վտանգաւոր իրավիճակ» կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի համար. ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը յայտարարած է, որ «քորոնա» ժահրի բռնկումը, որ սկսած է Չինաստանի մէջ, «շատ վտանգաւոր իրավիճակ» կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհի համար:
Անոր խօսքով` «ռիսքերը հսկայական են, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք անոր ամբողջ աշխարհի մէջ»: Associated Press գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Կութերեշը նշած է, որ զինք ամենաշատը կ'անհանգստացնէ վարակի տարածումը «առողջապահութեան ոլորտի մէջ աւելի քիչ ներուժ» ունեցող շրջաններուն մէջ, յատկապէս` ափրիկեան որոշ երկիրներու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ'ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս կարելի է օգնել դիմայակելու իրադարձութիւններու նման զարգացման, աւելցուցած է ան:
Աւելի վաղ Եգիպտոսը յայտնած էր այս ժահրի վարակման առաջին դէպքի մասին, որ մտահոգութիւն առաջացուցած է ափրիկեան մայրցամաքին մէջ հիւանդութեան տարածման կապակցութեամբ: