Քիւրտերը Ռուսաստանէն պաշտպանութիւն խնդրած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն առաջ

Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Մասուտ Պարզանին դիմած է Ռուսաստանի արտաքն գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը պաշտպանելու խնդրանքով, յայտնած է Rudaw-ը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Պարզանին, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի նախկին նախագահն է, իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ապագայի վերաբերեալ: «Ան խնդրած է Ռուսաստանէն միջամտել Սուրիոյ մէջ այս ժողովուրդի տառապանքները կանխելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
7 Հոկտեմբերին յայտնի դարձած է, որ Միացեալ Նահանգները հրաժարած է աջակցիլ Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ զինուած ուժերը այլեւս գործողութեան վայրի մօտ պիտի չգտնուին: